2015-11-24 11:22:00

''Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ` նախընթրիք ընենք միասին'' բնաբանով գիրքի հրատարակում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շիքակոյի ''Լոյոլա Փրեսս'' հրատարակչատունը 2016 տարեշրջանի մարտ ամսոյն մէջ պիտի հրատարակէ մանուկներու վերապահուած առաջին գրքոյկը ` շարադրուած Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ որուն վերնագիրն է ''Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ նախընթրիք ընենք միասին''։ Գիրքը որուն հեղինակներն են Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ եւ ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' Յիսուսեաններու պարբերաթերթի տնօրէն` Հայր Անթոնիօ Սփատարօ եւ Լոյոլա հրատարակչատան անդամ Թոմ Կրաթի, կը ներփակէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին աշխարհի զանազան վայրերէն 6-13 տարեկան 31 մանուկներէն  ուղղուած նմանակներու պատասխանները։

Գիրքը պիտի հրատարակուի միաժամանակ Իտալիոյ, Սպանիայի, Մեքսիքայի, Լեհաստանի, Ինդոնեզիայի, Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եւ հնդկաստանի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղուած նմանակներուն մէջ ի յայտ կու գայ  Սրբազան Քահանայապետին նկատմամբ մանուկներուն ունեցած սէրը, անոր կեանքի մասին հետաքրքրութիւնը, ընտանեկան կառոյցի կարեւորութիւնը, արդարութեան զօրեղ զգացումը եւ բաղձանքը լսելի դարձնելու իրենց ձայնը ։

Ֆրանչիսկոս Պապին մանուկներուն տուած պատասխանները կը հաստատեն անոր համոզումը թէ մանուկները իսկապէս աշխարհի ապագան են ու թէ հարկաւոր է ունկնդրել անոնց ձայնը։

Յայտնենք թէ իտալացի լրագրող Անտրէա Թորնիելլի յառաջիկայ Յունուարին պիտի հրատարակէ գիրք մը որուն մէջ պարունակուած են բազմաթիւ մանուկներու  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղած նամակներէն նմուշներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.